2016-04-12 20:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին` ''Սիրոյ Ուրախութիւնը'' յորդորագիրէն քաղուած 12 ապրիլի թուիթները։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 12 ապրիլ 2016-ին Քահանայապետական @pontifex թուիթերեան կայքին վրայ հրատարակուեցան նոր թուիթներ քաղուած` Ֆրանչիսկոս Պապին, անցեալ ուրբաթ` 8 ապրիլ 2016-ին լոյս տեսած, ընտանիքին հայող ''Սիրոյ Ուրախութիւնը'' յորդորագիրէն։

Առաջին թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գրէ.

''Ընտանիքը ըլլալու է այն վայրը ուր կը դաստիարակուի ըմբռնել հաւատքի գեղեցկութիւնն ու պատճառները, կը դաստիարակուի աղօթել եւ մերձաւորին ծառայել''։

Երկրոդ թուիթին մէջ գրուած է

''Կարեւոր է որ զաւակները զգալիօրէն տեսնեն թէ իրենց ծնողներուն համար աղօթքը իսկապէս կարեւոր է''։

Իսկ երրորդ թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գրէ.

''Հասկնալ, ներել, առաջնորդել, յուսալ եւ ներառել. այս է տրամաբանութիւնը որ պէտք է գերակշռէ Եկեղեցւոյ մէջ''։

Այլ երկու թուիթներու մէջ գրուած է.

''Եկեղեցին կ՛իւրացնէ Աստուծոյ Որդոյն վարուելակերպը որ` բոլորին ընդառաջ կ՛երթայ, առանց որեւէ մէկը բացառելու''։

''Եկեղեցւոյ ճանապարհը այն է` ոչ մէկը դատապարտել վերջնական կերպով, եւ տարածել Աստուծոյ ողորմութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.